ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ երէկ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։ Ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։ Մխիթարեանի ընտանիքի վարիչները, ծնողներ եւ աշակերտներ տօնական բարձր տրամադրութեամբ համախմբուեցան այս առթիւ։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Լիլիթ Գալոյեանի եւ Լորա Սարգսեանի հանդիսավարութեամբ։ Տօնական օրերու խորհուրդին համահունչ՝ Մխիթարեան վարժարանի տղաքը բեմադրեցին Յիսուս մանուկի ծնունդը։ Ներկայացուեցաւ նաեւ տեսանիւթ մը, որ տեղեկութիւններ կը բովանդակէր Նաւասարդի եւ հին հայկական Կաղանդի տօնակատարութիւններուն շուրջ։

Հանդիսութեան աւարտին բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021