ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՉԵԹԻՆ ՊՈՍԹԱՆՕՂԼՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց լուսանկարիչ Չեթին Պոսթանօղլուն։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ Պատրիարքարանի այս հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Պոսթանօղլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուաւ իր աշխատանքներուն եւ ծրագրերուն շուրջ։ Ան տեղեկացուց, որ կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին նկարահանել՝ թրքահայ համայնքի առօրեային ու հոգեւոր կեանքի մասին դրուագներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ տեղեկութիւններուն, գնահատեց լուսանկարիչի ինչպէս ընդհանուր գործունէութիւնը, այնպէս ալ մեր համայնքի նկատմամբ ուշադրութիւնը։ Ան Չեթին Պոսթանօղլուի գործունէութեան համար մաղթեց յաջողութիւն եւ բարեմաղթութիւններ յղեց Ամանորի առթիւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021