ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Կը տեղեկանանք, որ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ ենթարկուած է վիրահատութեան մը։ Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Զեքիեան Գերապայծառի անցուցած գործողութեան պատճառով Ս. Ծնունդի առթիւ Սաքըզաղաճի պաշտօնական աւանդական ընդունելութեան թուականը փոխուած է։ Այսօր արդէն մամուլին մէջ Արքեպիսկոպոսարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած է համապատասխան պաշտօնական զեկոյցը։ Մինչ այդ, գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Զեքիեան Գերապայծառի գործողութիւնը անցած է բարեյաջող, իր առողջական վիճակը լաւ ու գոհացուցիչ է եւ դարմանումը բժիշկներու նախատեսած հունին մէջ կ՚ընթանայ։ Այս առթիւ արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Զեքիեան Գերապայծառին։

Դժբախտաբար Ս. Ծննդեան օրերուն զուգադիպած է այս վիրահատութիւնը, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ, որ Զեքիեան Գերապայծառ կարողանայ նախագահել տօնակատարութիւններուն։ Յամենայնդէպս, հիւանդանոց մտնելէ առաջ կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծնունդին առթիւ ան պատրաստած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

«Ասիկա իմ զաւակս է։ Ասիկա իմ միսս է։ Ինձմէ առնուած է, իմ աչքերս ունի, իր բերնին ձեւը իմ բերնիս ձեւը ունի։ Ինծի կը նմանի։ Աստուած է եւ ինծի կը նմանի»։ Այս խօսքերուն հեղինակը, որու ինքնութիւնը քիչ ետք պիտի յայտնենք, այսպէս կը շարունակէ իր խորհրդածութիւնը՝ «Ո՛չ մէկ կին ունեցած է երբեք ճակատագիրը՝ իր Աստուածը միայն ինքն իրեն համար ունենալու. Աստուած մը փոքրիկ՝ զոր կարելի է գրկել, համբոյրներով ողողել. Աստուած մը՝ տաքուկ, որ կը ժպտի ու կը շնչէ, որուն կարելի է դպչիլ եւ որ կ՚ապրի։ Եւ այդ պահերուն է, որ պիտի ուզէի նկարել Մարիամը՝ եթէ նկարիչ ըլլայի, եւ պիտի ջանայի դրսեւորել իր միանգամայն գորովոտ համարձակութեան եւ վեհերոտ վարանումին արտայայտութիւնը, մինչ կ՚երկարէ իր ձեռքը՝ շօշափելու համար այս Աստուածամանուկին մորթը, որու ծանրութիւնը կը զգայ իր ծունկերուն վրայ եւ որ կը ժպտի իրեն»։

Այս ցնցիչ տողերուն հեղինակը Ի. դարու շատ ծանօթ մէկ գրողն է, անաստուած, ֆրանսական կրօնազուրկ գոյութենապաշտութեան խորհրդանիշը հանդիսացող մտաւորական, փիլիսոփայ Ժան-Փոլ Սարթր։ Իսկ գրութեան ծագումին հանգամանքները նոյնիսկ աւելի անակնկալ եղած են քան հեղինակին ինքնութիւնը։ Տարեթիւն է 1940։ Սարթր կը գտնուի Թրիրի կեդրոնացման նացիական ճամբարին մէջ եւ իր ճակատագրակիցներուն համար կը գրէ պատմուածք մը, զոր կը հասցէագրէ հաւասարապէս «հաւատացելաներուն եւ անհաւատներուն» եւ զոր կը վերնագրէ Բարիոնա կամ Որոտման Որդին։ Ապա հեղինակը զայն կը վերածէ թատրերգութեան, զոր կը բեմադրէ կալանքի տարիներուն, ինք ալ ստանձնելով Բաղդասար մոգի դերը։ Գործը երկար տարիներ կը մնայ անտիպ եւ անծանօթ, մինչեւ որ կը հրատարակուի ու բեմադրուի յետ աւելի քան վաթսուն տարիներու։

Ցնցիչ են Սարթրի նման, անաստուած խորհելակերպի խորհրդանիշ դարձած մտաւորականի մը կողմէ արտաբերուած, գրի առնուած վերոյիշեալ խօսքերը։ Գիտենք, որ կալանքի այդ դաժան պայմաններուն մէջ, ինք նպատակ ունէր համախմբելու, միաւորելու նացիական բռնութեան դէմ՝ իրեն բախտակից բոլոր կալանաւորները, հաւատացեալ թէ ոչ։ Բայց Սարթրի՝ որքան ցնցիչ, նոյնքան եւ աւելի զգայուն, խորազգած, գորովալիր խօսքերը ուժգնօրէն մեր աչքերուն առջեւ կը դնեն հաւատքի հարցը, իր մերկապարանոց անխուսափելիութեամբ, շատ բարդ ու մանուածապատ կեցուածքը իբրեւ ամենաթունդ անհաւատը ներկայացող մարդուն անգամ՝ հաւատքի առջեւ, Աստուծոյ առջեւ, Խորհուրդին առջեւ։ Ինքն իսկ Սարթր խոստովանած է՝ թէ «շատ բարդ ու շատ դժուար» եղած է իր «յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ»։

Քրիստոսի Ծնունդն ու Յայտնութիւնը ամենայարմար առիթը կ՚ընծայեն բոլորիս համար՝ դնելու մենք մեզ Հաւատքին դիմաց, Խորհուրդին դիմաց, Աստուծոյ դիմաց։ Առիթը՝ քննելու մենք մեզ վերստին, խորհելու վերստին մեր գոյութիւնը, մեր կեանքը, մեր ինքնութիւնը, եւ դիտելու այս բոլորը Աստուծոյ, Քրիստոսի հայելիին ընդմէջէն։

Յիսուսի Ծնունդն եւ Յայտնութիւնը թող կանչեն մեզ բոլորս գրկելու, համբոյրներով ողողելու այդ Աստուածային Մանուկը, որու երեւումը աշխարհի վրայ՝ նշեց պատմութեան զենիթը, կանգնեց փրկութեան Նշանը, կեանքի եւ խաղաղութեան գրաւականը ընծայեց։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021