«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԲԱՑՄԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Բանկալթիի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանի շէնքը երէկ յետվերանորոգութեան պաշտօնապէս բացուեցաւ որպէս «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նոր կեդրոնատեղի։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար երէկ կազմակերպուած ծանօթացման հաւաքոյթը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Վերանորոգեալ այս արդիական համալիրը, որ ունի 800 քառակուսի մեթր մակերես, կ՚ընդգրկէ նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի նոր խմբագրատունը։
Նախկին վարժարանի անուան պահպանումով ստեղծուած է այս եռայարկ համալիրը, որու բացման շարժառիթով երէկ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան «Հրանդ Տինք» հիմնարկի վարչութեան նախագահ Ռաքել Տինք, վարչութեան անդամուհիներէն Սիպէլ Ասնա եւ նոյն հիմնարկի ծրագրի համակարգողներէն Նայեադ Գարաքէօսէ։ Անոնք նոր շէնքին եւ հիմնարկի գործունէութեան շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու առընթեր ջերմօրէն ողջունեցին հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցները։ Ներկայ էր նաեւ «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան։
«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան առընթեր համալիրը կ՚ընդգրկէ գրադարան, եօթանասուն հոգիի տարողութեամբ հաւաքներու դահլիճ մը, արխիւի բաժին, ժողովասրահներ, ցուցադրասրահ եւայլն։ Ֆրանսահայ արուեստագէտ Սարգիս Զապունեանի կողմէ հիմնարկին նուիրուած ստեղծագործութիւնն ալ որպէս զարդ, որպէս թանկագին յիշատակ ի ցոյց դրուած է համալիրի մուտքին։
Երէկուան հաւաքոյթին մասնակիցները շէնքէն ներս շրջայց մը կատարեցին հիմնարկի պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ։ Աւելի վերջ, ընդունելութեան մը ձեւաչափին մէջ տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց մը, մինչ բոլորը «Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի աշխատակիցներուն մաղթեցին բարի վայելում եւ նորանոր նուաճումներ։
Այս առթիւ մենք եւս կը մաղթենք, որ մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբաթաթերթը շարունակէ իր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը նոր խմբագրատան յարկէն ներս։ Յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի աշխատանքներուն համար։