ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է 13 հոկտեմբերին։ Ուստի, թաղականները ըստ ընկալեալ սովորութեան այցելեցին Պատրիարքարան, ուր սիրոյ սեղանի ընդառաջ ստացան նորին սրբազնութեան օրհնութիւնը եւ զինքը հրաւիրեցին նախագահելու օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները բացատրութիւններ տուին Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այցին համար։ Իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ ան թաղականներուն տուաւ իր օրհնութիւնը, գնահատեց անոնց ծառայութիւնը եւ յղեց յաջողութիւններ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019