ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու աշխոյժ անդամներէն Նուրհան Տավուլճեանը։ Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս եւ բացատրութիւններ տուին թաղի ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Այս տարուան մատաղօրհնութեան ընդառաջ Սամաթիոյ ընտանիքը արտասովոր հրճուանք մը կ՚ապրի, որովհետեւ վերանորոգուելով պաշտամունքի վերաբացուած է թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցին։ Սա պարզ նորոգութիւն մը չէ, այլեւ՝ առանց չափազանցութեան մեր այս պատմական եկեղեցին յառաջիկայ գուցէ մէկ դարու համար ֆիզիքապէս երաշխաւորած վիթխարի գործ մը եղած է։ Սա հոգեւոր մեծ ցնծութիւն պատճառած է Սամաթիոյ ընտանիքին եւ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի ընդառաջ սամաթիացիներուն առթած՝ լաւատեսութիւն։ Եսայի Տեմիր եւ Նուրհան Տավուլճեան երէկուան մեր հանդիպման ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ տուին Սահակեան-Նունեան վարժարանի այժմու կացութեան շուրջ։ Անոնք յայտնեցին, որ դպրոցի գործունէութիւնը կայուն հունի մը մէջ կը շարունակուի։ Ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնները եւ ամբողջ Սամաթիոյ ընտանիքը իրենց առաւելագոյնը կ՚ընեն, որպէսզի թէ՛ նախակրթարանը, թէ՛ միջնակարգը եւ թէ լիսէն պատշաճ ուսում ջամբեն մեր համայնքի զաւակներուն։ Սամաթիոյ ընտանիքը միշտ կ՚առաջնորդուի այն սկըզ-բունքով, թէ մեր համայնքի դպրոցահասակ տղաքը պէտք է համահաւասար հնարաւորութիւններով հայկական վարժարաններու մէջ ստանան ուսում, իսկ միւս կողմէ մեր դպրոցները պէտք է ըլլան յաւակնոտ, պէտք է խուսափին միջակութիւններէ եւ աշակերտներուն առջեւ բացուելիք յաջողութեան դռները յաջորդ քայլափոխին պիտի ապահովեն նաեւ մեր դպրոցներու ձգողականութեան բարձրացումը։

Եսայի Տեմիր եւ Նուրհան Տավուլճեան զրոյցի ընթացքին ընդգծեցին, որ տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ Սամաթիոյ ընտանիքի ակնկալութիւնն ու անկեղծ մաղթանքն է նաեւ մեր համայնքէն ներս կայունութեան եւ ներդաշնակութեան ամրապնդումը։ Թաղային խորհուրդը կ՚ակնկալէ, որ այս կիրակի հերթական անգամ Սամաթիոյ ընտանիքը մեր համայնքի զօրակցութեան առարկայ պիտի դառնայ եւ պիտի կարողանայ ինքնավստահ ձեւով տեւականացնել թաղի կառոյցներուն գործունէութիւնը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019