ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց «ԻՅԻ» կուսակցութեան կողմէ Պէշիկթաշի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Աֆֆան Քեչէճին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէշիկթաշի գաւառակի սահմաններէն ներս գտնուող մեր կարգ մը եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները։

Հանդիպման ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ողջունեց հիւրերը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պէշիկթաշէ ներս հայոց ներկայութեան շուրջ։ 31 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընդառաջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անդրադարձաւ մեր համայնքի շարք մը ակնկալութիւններուն։ Իր կարգին, Աֆֆան Քեչէճին ալ նշեց, որ իրենք կ՚առաջնորդուին հաւասարութեան հասկացողութիւնով։ Ան խօսեցաւ նաեւ Պէշիկթաշի առկայ հարցերու լուծման շուրջ իր պատկերացումներուն մասին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019