ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ ձօնուած էր Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրուան։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները յաջող ելոյթներով հանդէս եկան՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն։ Յայտագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին։

Ձեռնարկը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երեկոյթի աւարտին հուսկ բանք մը արտասանեց՝ բարձր գնահատելով աշակերտներուն կողմէ տարուած աշխատանքները։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ նշեց, որ հայերը շատ բախտաւոր են մայրենի լեզու մը ունենալով։ Այդ մայրենիին շնորհիւ է, որ մեր եկեղեցին մնացած է կանգուն եւ մեր եկեղեցին ալ իր հերթին, համախումբ կը պահէ մեր ժողովուրդը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ կանգ առաւ նաեւ երիտասարդներու հայախօսութեան մարտահրաւէրին վրայ եւ այս տեսակէտէ գնահատելի համարեց Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտներուն կողմէ տարուած աշխատանքը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019