ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճալեան, որ ներկայիս կ՚այցելէ քաղաքս, նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Պոլսոյ Աթոռը տիրացած է իր նոր գահակալին։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ գոհունակութիւն յայտնեց այս քաղաքավարական այցելութեան համար եւ հիւր հայր սուրբին փոխանցեց իր օրհնութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարեհաճ տնօրինութեամբ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճալեան Մեծ պահքի ներկայ օրերուն աւանդական արարողութիւններու մասնակցութիւն կը բերէ մեր եկեղեցիներէն ներս

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020