ՍԷՎ-Ի ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ՍԷՎ-ի վարչութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հիմնարկի վարչայինները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։ Զրոյցի տեւողութեան վարչայինները տեղեկութիւններ ալ փոխանցեցին ՍԷՎ-ի առաքելութեան ու գործունէութեան շուրջ։

Ուշադրութեամբ տեղեկութիւնները լսելէ վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ ՍԷՎ կրթանպաստ ծառայութեան հետամուտ հիմնարկ մըն է։ Ուստի ան ուրախառիթ համարեց վարչայինները հիւրընկալել Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց կրթանուէր ծառայութեան հետամուտ բոլոր կառոյցները։ Արդարեւ, անոնց գործունէութեան կարեւորութիւնը անգնահատելի կը համարուի երիտասարդութեան տեսակէտէ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիմնարկի վարչայիններուն յղեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020