ԵՒ ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Ծաղկազարդը։ Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին ձօնուած տօնակատարութիւնները եկան բնորոշել նաեւ Աւագ շաբթուան սկիզբը։ Սա համայն քրիստոնեաներուն տեսակէտէ խորախորհուրդ ժամանակաշրջան մըն է։ Ծաղկազարդի տօնին զուգահեռ կատարուած մանուկներու օրհնութեան կարգն ալ ամէնուրեք ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տեղի ունեցաւ մեծահանդէս Անդաստան, որուն հանդիսապետելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը իր բիւր օրհնութիւնները փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաւաքուած հոծ թիւով մանուկներուն։

Քաղաքիս մէջ ալ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնները հոգեւոր մեծ հրճուանքի առիթ հանդիսացան հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ։ Ըստ աւանդութեան, մեր համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Սամաթիոյ վրայ, ուր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Յետմիջօրէին նորին սրբազնութիւնը հանդիսապետեց նաեւ մանուկներու օրհնութեան կարգին։

Երկուշաբթի, Մարտ 26, 2018