ԲԱՐՁՐԵԱԼԻՆ ՊԱՂԱՏԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ այս առաւօտ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ։ Քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ օրերուն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, մեր հոգեւորականաց դասը Բարձրեալին առաքեց իր պաղատանքը՝ առողջութեան եւ բժշկութեան համար։ Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբանկարին առջեւ տեղի ունեցած խորհրդաւոր արարողութիւնը թէեւ փակ էր ժողովուրդին համար, սակայն առ Աստուած բարձրացած աղօթքները անմիջապէս արձագանգ գտան մեր համայնքի զաւակներու սրտերէն ներս եւ սա խթան մը հանդիսացաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դիմադրութիւնը եւ ապագայի նկատմամբ յոյսը վառ պահելու համար։ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին Պոլսոյ ամենանուիրական ուխտատեղիներէն մին է՝ յատկապէս Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբապատկերով։ Մանաւանդ Ս. Խաչի տօնի նախօրեակին հաւատացեալներ կը փութան այս եկեղեցին, վասն բժշկութեան աղօթքներ կը վերառաքեն առ Աստուած եւ կ՚ապաւինին Աստուծոյ գթառատ ողորմութեան։

Աւելի քան հարիւր տարի մեր ժողովուրդը անհատական եւ հաւաքական աղօթքներով դիմեց Չարխափանի զօրութեան։ Այսօր, երբ աշխարհը կը տառապի քորոնաժահրէն, ճիշդ ժամանակն է, որ փութանք Չարխափանին եւ համայն մարդկութեան համար աղօթենք ըսելով. «Ընկալ Տէր զաղաչանս մեր բարեխօսութեամբ Չարխափան Ս. Աստուածանի եւ աղաչանօք ամենայն սրբոց Քոց. Լուր մեզ Տէր եւ ողորմեա, ներեա, քաւեա եւ թող զմեղս մեր»։

Համաճարակի ներկայ մռայլ օրերուն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղին տնօրինութեամբ, այս առաւօտ, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, Չարխափանի սուրբ սեղանին վրայ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ դռնփակ եւ մասնակցեցան միայն Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւոր հայրերը։ Ս. Պատարագը տեսասփռուեցաւ Պատրիարքարանի կայքէջէն։

Մեր համայնքի հաւատացեալներէն շատեր այս արարողութեան իրենց բնակարաններէն հետեւեցան առցանց, միացան Ս. Պատարագի խորհուրդին եւ աղօթակից դարձան համայն հաւատացելոց։ Այսպէսով հոգեւոր լիակատար հաղորդակցութեան մթնոլորտի մը մէջ, բոլորը քորոնաժահրի չար ազդեցութիւններէն փրկուելու համար միասնաբար դիմեցին Չարխափան Ս. Աստուածածնի զօրութեան՝ վստահ ըլլալով, թէ Տէր Յիսուսի կողմէ անցեալին գործուած հրաշքները այսօր եւս կրնան կրկնուիլ։ Հոգեւոր հայրերը այս առաւօտեան սրտաբուխ աղօթքներով պատգամեցին, թէ Տիրոջ հրաշագործ զօրութիւնը մեր բոլորի հաւատքին միջոցաւ կրնայ ներգործել մեր կեանքին մէջ։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ Յարութիւն Էօզչելիք։ Երգեցնողութիւնները գլխաւորեց Արթիւր Պաղտասարեան։ Ճաշու գիրքը կարդաց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Վաղարշակ Սրկ. Սերով-բեան ընթերցեց ճաշու աւետարանը եւ կատարեց Ս. Ընծաներու վերաբերումը։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2020