SEV-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ

SEV վերջերս գումարեց իր հերթական ընդհանուր ժողովը։ Հիմնարկի կեդրոնատեղիէն ներս տեղի ունեցաւ համագումարը, որու դիւանի ատենապետն էր Հերման Պալեան, իսկ ատենադպիրներն էին՝ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու եւ Հապիպ Էօզֆուրունճու։

SEV-ի վարչութեան ատենապետ Հայկ Ասլանեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան անցեալ տարուան աշխատանքային տեղեկագիրը ներկայացուց ընդհանուր ժողովի անդամներու նկատառման։ Ատենապետը մասնաւորապէս անդրադարձաւ այն նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակն է հիմնարկի եկամուտները բարձրացնել։ Հայկ Ասլանեան ընդգծեց, որ հիմնարկի միջոցները կը նախատեսեն առաւել չափով յատկացնել երիտասարդութեան, ինչ որ ապագայի համար երաշխիք մը կը համարուի։ Այս սկզբունքին զուգահեռ SEV մշակած է ծրագիր մը, որու հիման վրայ յառաջիկայ շրջանին համալսարանականներու յատկացուած կրթաթոշակները պիտի ընդլայնուին։ Ատենապետը ընդհանուր ժողովի անդամներուն բացատրութիւններ տուաւ նաեւ հիմնարկի կալուածներուն եւ անոնց արժեւորման եղանակներուն շուրջ։

SEV-ի վարչութեան ատենադպիր Սիմոն Արթուչն ալ ժողովականները լուսաբանեց ելմտական կացութեան շուրջ։ Այս հիման վրայ ընդհանուր ժողովը վաւերացուց վարչութեան գործունէութիւնը եւ միաձայնութեամբ հաստատեց ներկայ տարուան պիւտճէն։

Ժողովականները միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուին, որպէսզի իրաւաբան Մելոտի Էօզէր անդամ դառնայ ընդհանուր ժողովին։

Համագումարի տեւողութեան ժողովականները մատնանշեցին, որ յաջող աշակերտներու խրախուսման համաչափ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համեստ հնարաւորութեամբ երիտասարդներու քաջալերումը։ Արդարեւ, անոնց պարագային համեստ զօրակցութիւնները կրնան ունենալ անկիւնադարձային նշանակութիւն։ Ուստի, համագումարի ընթացքին գոյացաւ ընդհանուր ըմբռնում մը, որպէսզի SEV-է ներս աշխատանք ծաւալուի այս ուղղութեամբ։

Ընդհանուր ժողովը եզրափակուեցաւ՝ մինչ բոլորը յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին հիմնարկի վարչութեան։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019