ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ տեղեկութիւն փոխանցեցին Մայր եկեղեցւոյ մասին եւ յայտնեցին, թէ աղօթատան մէջ հարկաւոր են բարեզարդման աշխատանքներ։ Այս առիթով Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան օրհնութիւնը խնդրեցին, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ բարեզարդման աշխատութեանց ձեռնարկուին։ Առ այդ, կը նախատեսուի, որ աշխատութիւնները աւարտին մինչեւ Ս. Աստուածածնայ տաղաւարը։

Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը շեշտեց եկեղեցիներու ներքին ու արտաքին տեսքը ըստ կարելւոյն պայծառ պահելու անհրաժեշտութիւնը, շնորհաւորեց թաղային խորհուրդի ձեռնարկը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020