ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐ
Երէկ, մեր համայնքը ապրեցաւ յուզումնախառն օր մը։ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը։ Իր անժամանակ մահը մեծ ցաւ պատճառած էր վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներուն՝ անմխիթար թողլով իր ընտանիքն ու սիրելիները։ Նատիա Կիւլմէզկիլի կորուստը, բառին բուն իմաստով, սուգի մթնոլորտ մը ստեղծեց մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Ծանօթ է, որ ան կողակիցն էր յայտնի համայնքային բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։ Գումգաբուի մէջ ան երէկ յետմիջօրէին ուղեւորուեցաւ դէպի յաւերժութիւն, մինչ յուղարկաւորները աղօթեցին իր բարի հոգւոյն լուսաւորութեան եւ յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։
Նորոգ վախճանեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի յուղարկաւորութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, վեղարաւորներ եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Երգեցողութիւնները շատ տպաւորիչ ձեւով կատարուեցան՝ Ֆէրիգիւղի Վարդանանց եւ Գումգաբուի Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբերու խառն կազմին կողմէ։
Լուսաշող տաճարին կեդրոնը՝ դագաղը զետեղուած էր մահաբեմին վրայ, զարդարուած սպիտակ ծաղիկներով։ Եկեղեցւոյ տարողութիւնը հազիւ բաւարարեց՝ ընդունելու համար հոծ թիւով յուղարկաւորները, որոնք համակուած էին մեծ ցաւով։ Բոլորը Նատիա Կիւլմէզկիլի բարոյական ներկայութեան առջեւ բերին իրենց երկիւղած խոնարհումը, արտայայտեցին իրենց վերջին յարգանքը եւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ անոր ազնիւ հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Արարողութեան մասնակիցներու շարքին էին՝ համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ, գործարար ու մարզական աշխարհներէն յայտնի անուններ եւ հանգուցեալին բարեկամական շրջանակներէն բազում դէմքեր։ Բոլոր յուղարկաւորները անկեղծ զգացումներով ցաւակցութիւն յայտնեցին՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլին, Մելիսսա-Ալէն Պաղ ամոլին եւ բոլոր մերձաւորներուն։
Իր դամբանականին մէջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ ցաւերն ու տառապանքները անբաժանելի են մարդկային կեանքէն եւ իւրաքանչիւր անձ կը պայքարի այդ անխուսափելի ցաւերուն ու տառապանքներուն դէմ՝ կերտելու համար իր երջանկութիւնն ու յաջողութիւնը։ Վերյիշելով Նատիա Կիւլմէզկիլի մարդկային առաքինութիւններն ու նկարագիրը՝ դամբանախօս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յատկապէս շեշտեց, որ ան եղած էր տիպար մայր մը։ Իր անժամանակ մահուան պատճառած խոր ցաւով հանդերձ, Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ, որ նոյնիսկ այս երեւոյթին մէջ պէտք է մխիթարութեան դրական կողմեր գտնել։ Արդարեւ, Աստուած որոշած է իր մօտ կանչել Նատիա Կիւլմէզկիլը՝ որպէս իր որդեգիրը։ Ըստ իրեն, հանգուցեալի հոգին ապահովաբար կը խայտար՝ ի տես իր առարկայ դարձած ծով սէրը։ Հուսկ, Ընդհանուր Փոխանորդը Պատրիարքական Աթոռին ու մեր ամբողջ համայնքին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։
Ելքի թափօրին նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի դագաղին վրայ աղօթեց նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։
Յուղարկաւորութեան աւարտին Նատիա Կիւլմէզկիլի անշունչ մարմինը հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։
Այս տխուր առթիւ կրկին երկնային հանգիստ կը հայցենք Նատիա Կիւլմէզկիլի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք Տիգրան Կիւլմէզկիլին, Մելիսսա-Ալէն Պաղ ամոլին, Պաղ ընտանիքին եւ համայն պարագաներուն։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024