ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇԵՑ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ, ՈՐՈՎ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնը։ Այս տարուան տօնակատարութիւնները արտասովոր իմաստ մը կը ներկայացնէին Թոփգաբուի ընտանիքին տեսակէտէ, որովհետեւ բնորոշեցին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանը։ «Միշտ կարգապահ, միշտ կանգուն։ Կեցցէ՛ Լեւոն-Վարդուհեան» կարգախօսով մշակուած յոբելենական ծրագրով նախատեսուած ձեռնարկները յառաջիկայ շրջանին կեանքի պիտի կոչուին մի առ մի։

Ս. Թարգամանչաց տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։ Հանդէսէն առաջ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի առաջնորդութեամբ ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, տնօրէնները, կրթական մշակները եւ սաները։ Աւելի վերջ Ս. Թարգմանչաց տօնի յայտագիրը յարակից սրահին մէջ գործադրուեցաւ դպրոցի աշակերտներուն կողմէ։ Տօնական օրուան յարիր ձեւով յարդարուած էր սրահը եւ այս մթնոլորտին մէջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։

8-րդ դասարանի սաներէն Ալպերթ Մաւիեանի, Լոռին Չընարի եւ Էմմանուէլ Էրճինի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին դպրոցի սաները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով եւ արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։

Հանդէսը եզրափակուեցաւ աշակերտներու խմբերգներով՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019