ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։

Հիւրերը Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ նոյեմբերի 29-ին, կիրակի, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղկեակ պահեցին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի հետ առընչուած զանազան հարցերու մասին։ Ինչպէս բոլոր եկեղեցիներն ու վարժարանները, Պաքըրգիւղի հայաշատ թաղը եւս քորոնաժահրի համավարակէն մեծապէս տուժած է։ Անոնք այս շրջանին կատարուած գործունէութեանց կանխարգելումներու մասին եւս տեղեկութիւններ փոխանցեցին։

Պատրիարք Հայրը լսեց հիւրերուն փոխանցած տեղեկութիւնները եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ անոնց։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ այս շրջանին հոգեւոր եւ կրթական համակարգը մեծապէս ազդուած է քաղաքիս մէջ եւս։ Ան շեշտեց, թէ այս շրջանին առաւել եւս տոկուն պէտք է ըլլան համայնքի անդամները եւ յատկապէս վարչայինները ուշադիր պէտք է մտածեն լուծումներ որոնելու համար։ Այս շրջանին Պատրիարքական Աթոռը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի թաղերէ ներս իրականացած զարգացումներուն եւ Պաքըրգիւղը հայաշատ թաղերէն մին ըլլալուն, առաւել եւս աչքի առջեւ է իր գործունէութիւնը։ Հուսկ, Պատրիարք Հայրը գնահատեց թաղէն ներս տարուած աշխատութիւնները եւ այցելուներուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020