ՇԻՇԼԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը Ամանորը կը դիմաւորէ բարձր տրամադրութեամբ։ Ակումբին կողմէ՝ քաղաքիս զանազան հայահոծ շրջաններուն մէջ կազմակերպուած դասընթացքներուն մասնակից զանազան սերունդներէ մարզիկները տարեմուտի խանդավառութիւնը լիուլի ըմբոշխնեցին՝ վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած խրախճանքներով։ Այս ամբողջին մէջ այս տարի մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի եւ դասընթացքներու մասնակից մարզիկներուն պասքեթպոլի խաղը։

Շիշլիի մեծ ընտանիքը Նոր տարին կը դիմաւորէ նոր յոյսերով եւ դրական սպասումներով՝ քանի արդէն աւելի քան 90 տարուան հաստատութիւն մըն է այս ակումբը, որ 550 մանուկի կամ պատանիի մարզական կրթութիւն կը ջամբէ եւ իր ծածկոյթին տակ շուրջ 2 հազար հոգի կը համախմբէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2023