ՄԱՍԻՍ ՔԱՐԱ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՆԱՍԱ-Ի ԾՐԱԳՐԻՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն Մա­սիս Քա­րա ի­րա­ւունք շա­հած է յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու ՆԱ­ՍԱ-ի ծրագ­րե­րէն մէ­կուն։ Իր այս գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թիւ­նը մեծ ու­րա­խու­թիւն պար­գե­ւած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին։ Պա­տա­նի տա­րի­քին Մա­սիս Քա­րա­յի կող­մէ ա­պա­հո­վուած այս ձեռք­բե­րու­մը մեծ յոյս կը ներշն­չէ, որ­պէս­զի ան ա­պա­գա­յին ա՛լ ա­ւե­լի լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հաս­նի։

Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի 7-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ Մա­սիս Քա­րա ի­րա­ւունք շա­հած է մաս­նակ­ցե­լու ՆԱ­ՍԱ-ի են­թա­կայ «Քե­նե­տի» անջր­պե­տա­յին կեդ­րո­նի «ATX Աստ­ղա­նա­ւոր­դու­թեան կրթա­կան ծրա­գիր»ին։

Յի­շեալ նա­խագ­ծին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Մա­սիս Քա­րա 31 Յու­նուար-7 Փետ­րուար թուա­կան­նե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2017