ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2021-2022-Ի ՀՈՒՆՁՔԸ

Էսաեան վարժարանի 2021-2022 տարեշրջանի հունձքը խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առաւ՝ բոլորի բարձր գնահատանքի եւ ապագայ յաջողութիւններու բարեմաղթութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Դպրոցը այս տարի ունի 36 շրջանաւարտ։

Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ եւ անդամուհի Պերրին Տայան, վարժարանի տնօրէն Ռուշան Տիւզկիւն, ուսուցչական կազմը, Պէյօղլուի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Հանդիսավարներն էին հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք նաեւ դպրոցի սաներէն Գարին Տէյիրմենճի եւ Տաւիտ Տաղճը։ Տղաքը երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան, արտասանեցին հրաժեշտի խօսքեր։ Ծափողջոյններու ներքեւ բոլորը ստացան իրենց վկայականները՝ մինչ յաջողագոյններուն համար պատրաստուած էին պարգեւներ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին կազմակերպուեցաւ բացօթեայ ընթրիք մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022