ՁՕՆ՝ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ

Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած շատ յատկանշական ու նոյնքան յաջող ձեռնարկ մը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Սա վերջին շրջանին մեր համայնքէն ներս Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական հերթական ձեռնարկն էր։ Երաժշտական-գրական երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու յայտագիրը բաղկացած էր Էսաեան վարժարանի սաներու ելոյթներէն եւ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի բանախօսութենէն։

Վարժարանի սրահին մէջ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ յայտագրի գործադրութեան ժամանակ։ Բացի բանախօս հայր սուրբէն, ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, պոլսահայ կրթական մշակներ, մտաւորականներ, էսաեանցի սաներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Սեսիլ Քարահիսարիտիսի հանդիսավարութեամբ։ Դպրոցի սաները երաժշտական զանազան կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու՝ գլխաւորութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ իր բանախօսութիւնով արժեւորեց Կոմիտաս Վարդապետի ժառանգութիւնը։ Յայտագրի յատկանշական երեսակներէն մին այն էր, որ Էսաեան վարժարանի ո՛չ միայն այժմու սաները, այլ նաեւ՝ կարգ մը շրջանաւարտները բերին իրենց մասնակցութիւնը՝ որպէս հիւր։ Այս ամբողջին մէջ ներկաները ողջունեցին կարգ մը յայտնի անուններ. Շահան Սարըօղլու, Մուրատ Իչլինալչա, Մարալ Չաղլըչուպուքճու, Մելինա Գույումճու, Սէրճան Կազէրօղլու եւ այլք։ 

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին թէ՛ յայտագրի մասնակիցները եւ թէ Էսաեանի ընտանիքի կողմէ Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019