«ԱՐԷՏ ԵՒ ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՄՈԼԻՆ ՇՆՈՐՀԻՒ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԴՊՐՈՑԸ ՉՓԱԿԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ»

Համայնքային շրջանակները երէկ Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Մատաղօրհնութեան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ՝ մինչ օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Արարողութեան ընթացքին Ս. Հաղորդութիւն ստացան Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգիստ եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որուն այս փուլին միացաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Պարոն Նալպանտի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Նուրհան Սուճուեան եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ վարժարանի սաները ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։

Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շարունակեց կարեւոր պատգամներ տալ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Ան նախ տեղեկացուց, որ վարժարանի՝ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած 9 միլիոն լիրա պիւտճէի բացին 7 միլիոնը ապահովուած էր նուիրատուութիւններով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի շարունակութիւն դիտել տուաւ, որ համայնքը իրականութեան մէջ շատ հարուստ է՝ քանի Իսթանպուլի մէջ հայերը ունին 50 եկեղեցի (առաքելական, կաթողիկէ եւ բողոքական), 17 վարժարան, շուրջ 3 հազար աշակերտութիւն եւ այլ զանազան կառոյցներ։ «Այս հարստութիւնը սիրով կանգուն կը պահենք, իրար սիրելով, այս սիրոյ սեղաններով», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ վարժարանները մեր համայնքի հայելին կը հանդիսանան։ «Հայելիին մէջ ինքզինքդ կը տեսնես, դուն քեզ կը շտկես», յայտնեց ան եւ աւելցուց, որ այժմ թրքահայ վարժարաններու հայելին կը ցոլացէ, որ հայերէնի ուսուցումը լաւ չէ եւ մայրենին կը տկարանայ։ Նոյնը կրօնի դասերուն կը վերաբերի։ «Քանի վարժարանները մեր հայելին են՝ ի՛նչ տկարութիւն որ կայ, մերն է։ Գեղեցկութիւնը այն է, որ ազգը որոշած է մինչեւ վերջ տանիլ մեր հաստատութիւններուն ի նպաստ պայքարը։ Սա մեր ազնուութիւնն է։ Մենք ընելիք ունինք նաեւ տնտեսութեան մէջ։ Հայելին մեզի ցոյց կու տայ նաեւ, թէ պէտք է քիչ մը աւելի լաւ կազմակերպուինք», շարունակեց ան եւ աւելցուց, որ Թոփգաբուի վարժարանը այս տարի ունի 87 աշակերտ, ինչ որ կը նշանակէ 87 ապագայ ընտանիք։

Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ համայնքը պէտք է պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի արտասահմանի նախկին պոլսահայերն ալ իրենց ներուժը ի սպաս դնեն պոլսահայ վարժարաններու գոյատեւման համար։ «Առկայ փխրուն պիւտճէները անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ կը բերեն կարգ մը վարժարաններու միացման հարցը։ Սա անխուսափելի է, որովհետեւ հաւաքական կեանքէն ներս տնտեսութիւնը ամէն ինչ է», շարունակեց ան եւ այս կէտին վրայ շատ բարձր գնահատանքով եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին մասին, որ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած միջոցները ծառայեցուցած էր դրական նպատակի մը եւ հերոսաբար առաջնագիծ նետուելով այս վարժարանը փրկած էր փակուելէ։ Ան ընդգծեց, որ համայնքէն ներս Երկանեաններու յանձնառութեան շնորհիւ ձեւաւորուեցաւ այս դպրոցը չփակելու կամքը։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ Հանրապետական շրջանին համայնքային շարք մը վարժարաններ փակուած են՝ տուեալ թաղերու բնակչութենէ դատարկուած ըլլալուն պատճառով։ Այդ ժամանակ մեր համայնքի անդամները կը հաստատուէին այնպիսի թաղերու մէջ, ուր արդէն եկեղեցի եւ դպրոց կար։ Այժմ վիճակը այդպէս չէ։ Բարձր վարձքերու հետեւանքով մեր համայնքի անդամները շատ հեռու թաղերու մէջ կը հաստատուին։ Ուստի, թէեւ շատ հաւանական է, որ տեսանելի ապագային դպրոցներու աշակերտութեան թիւը նուազի մինչեւ 2 հազարի սահմանը, սակայն հեռաւոր թաղերու բնակիչ ընտանիքներու զաւակներուն համար բաց պէտք է պահել այն դպրոցները, որոնք քաղաքի բուն կեդրոնէն հեռու են։ Այսպիսիներու շարքին է Թոփգաբուի վարժարանը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ ենթադրեալ անխուսափելի իրականութիւններուն հիման վրայ պէտք է վերակազմակերպել համայնքը։ «Եթէ մենք չկարողանանք դրամ ունենալով հանդերձ մեր զաւակները շահիլ, ապա աւելի մեծ վնաս չենք կրնար հասցնել մենք մեզի», ըսաւ ան եւ կրկնեց դպրոցները բաց պահելու ուղղեալ կոչը։

Հաւաքոյթը աւարտեցաւ միասնական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023