ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ «ՆԱՐԵԿԵԱՆ» ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Պէյօղլուի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ապրի «Նարեկեան» սրահի վերաբացման ուրախութիւնը։ Թաղային խորհուրդի հաշուետուութեան հաւաքոյթով ազդարարուեցաւ պատմական սրահին վերաբացումը՝ յետ բարեկարգման։ Շաբաթավերջին ալ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը վերանորոգեալ սրահին մէջ կատարեց իր փորձը՝ գլխաւորութեամբ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի։ Մանկապատանեկան խումբն ալ նոյն սրահին մէջ երէցներէն մէկ օր ետք կատարեց իր փորձը՝ գլխաւորութեամբ վարիչ Հրանդ Չիզմէճեանի։ Տղոց միացաւ նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքներուն համար՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնը։

Երկու խումբերն ալ վերանորոգ եռանդով աշխատանքի լծուեցան յառաջիկայ շրջանին համար։

Թէ՛ Յակոբ Մամիկոնեան եւ թէ Հրանդ Չիզմէճեան կը ձգտին նոր ձեռքբերումներ ապահովել այս երկու խումբերուն համար՝ Պէյօղլուի ընտանիքի ներկայ նոր շրջանին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023