ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան ու մատաղօրհնութեան առթիւ։ Պատմական ապրումներու յիշողութիւնով հարուստ այս թաղին մէջ մէկ կողմէ ստեղծուեցաւ խանդավառութիւն, իսկ միւս կողմէ յուզումնախառն զգացումներու տարափ մը ապրուեցաւ՝ հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ոգեկոչումով։ Արդարեւ, հոգելոյս հայր սուրբը հասած էր Կէտիկփաշայէն ու նախախնամութեան տնօրինութեամբ՝ իր վախճանման քառասունքի հոգեհանգիստն ալ տեղի ունեցաւ նոյն թաղին մէջ՝ մանաւանդ, որ իր անժամանակ վախճանման առթած ցաւը կը շարունակուի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ, երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Ներկայ էր նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սարվէն Սրկ. Պըչաքճը եւ այլ դպիրներ։  Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի ու Մասիս Քափի։

Արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Քարոզի աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հյարը ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Կարէն Դպիր Յովհաննէսեանին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առընթեր ոգեկոչուեցան եկեղեցւոյ հանգուցեալ քարոզիչներն ու հովիւները, բարերարները, թաղականները, սատարողները ու բոլոր սպասաւորները։ Առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ բոլորի հոգւոյն ի հանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մուրատ Էօզչելիքի կողմէ գլխաւորուած Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը նեղ շրջանակի մէջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ նկատի ունենալով համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտը։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021