«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ» ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ՝ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆԵՐԳՐԱՒՄԱՆ

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ներգրաւուած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երէկուան հաղորդումներէն արտատպումի հիման վրայ Հայաստանի պաշտօնական գործակալութիւնը ի լուր աշխարհին տեղեկացուց այս կարեւոր հանգամանքը։ Լրատուութեան մէջ մասնաւորապէս շեշտուեցաւ, որ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու շարքին հայկականը միակն է, որ ներգրաւուած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի։ Ազգային հիւանդանոցը կը շարունակէ օգնութիւն ցոյց տալ անխտիր բոլոր դիմողներուն։

«Թուրքիոյ հայ համայնքը համաճարակի այս իրավիճակին մէջ կը ջանայ մնալ կանգուն։ Եւ այդ լաւատեսութեան պատուհանը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցն է», հաղորդեց «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը՝ յղումը տալով ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020