ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս ծա­փա­հա­րե­լի շարք մը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած են մարմ­նա­մար­զի բնա­գա­ւա­ռին մէջ։

Ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Ա­րիս Թի­րեա­քիեան ան­ցեալ ա­միս մաս­նակ­ցե­ցաւ Իս­թան­պու­լի միջ­վար­ժա­րա­նա­յին լո­ղի մրցոյ­թին։ Ան նուա­ճեց ա­ռաջ­նու­թիւն եւ ի­րա­ւունք շա­հե­ցաւ շրջա­նա­յին մրցոյ­թին մաս­նակ­ցե­լու։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Պուր­սա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­պա­տաս­խան մրցա­շար­քին ըն­թաց­քին ալ ան զբա­ղե­ցուց երկ­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նը։ Այս յա­ջո­ղու­թեան հի­ման վրայ ան ի­րա­ւունք շա­հե­ցաւ մաս­նակ­ցիլ Թուր­քիոյ ա­ռաջ­նու­թեան։ Ա­րիս Թի­րեա­քիեան լո­ղի մար­զին մէջ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կա­յուն թա­փով կ՚ար­ձա­նագ­րէ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի պա­տուա­բեր սա­նե­րու կար­գին կը դա­սուի։

Ներ­կայ ամ­սուան տե­ւո­ղու­թեան է­սաեան­ցի­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Պէ­յօղ­լուի շրջա­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած զա­նա­զան միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցա­շար­քե­րու։ Դպրո­ցի վո­լէյ­պո­լի փոք­րե­րու ա­րա­կան կազ­մը հան­դի­սա­ցաւ գա­ւա­ռա­կի երկ­րոր­դը, աստ­ղե­րու կազմն ալ ե­ղաւ նոյն­պէս երկ­րորդ Պէ­յօղ­լուի մէջ։ Մարմ­նա­մար-­զի խումբն ալ հան­դի­սա­ցաւ Պէ­յօղ­լուի մէջ եր­րորդ։

Է­սաեան­ցի­նե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին «Ֆէյ­զի­յէ» հիմ­նար­կին ա­ռըն­թեր «Ը­շըք» վար­ժա­րան­նե­րու ցան­ցին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ճատ­րա­կի մրցա­շար­քին։ Չոր­րորդ սե­ղա­նի մրցա­կից Տի­րան Քէօ­սէ, որ Է­սաեա­նի եր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն է, հան­դի­սա­ցաւ ա­ռա­ջին։

Իս­թան­պու­լի մէջ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին լո­ղի մրցում մըն ալ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ քա­ղա­քի մա­կար­դա­կով։ Փոք­րե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ եր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Թա­լիա Ե­շիլ­թե­փէ 46 մրցա­կից­նե­րու շար­քին հան­դի­սա­ցաւ չոր­րորդ։ Այս աս­տի­ճա­նը շատ կա­րե­ւոր էր, ո­րով­հե­տեւ Թա­լիա Ե­շիլ­թե­փէի մրցա­կից­նե­րուն տա­րի­քը մեծ էր ի­րեն բաղ­դատ­մամբ։

Թա­լիա Ե­շիլ­թե­փէ նոյն մրցա­շար­քին մէջ այլ ա­նուա­նա­կար­գե­րու գծով նուա­ճեց նաեւ ա­ռաջ­նու­թիւն մը։ Է­սաեան­ցի միւս դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան՝ Ա­զատ Ա­րը (ա­ռա­ջին), Ա­րիս Թի­րեա­քիեան (ա­ռա­ջին), Նի­քոլ Իշ­կիւ­զար (երկ­րորդ), Ա­րէս Լի­սան (երկ­րորդ), Ճան Ե­շիլ­թե­փէ (երկ­րորդ) եւ Շանթ Տի­քի­ճի (եր­րորդ)։ 

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016