ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ. ՊԷԶՃԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Միջմիութենական պասքեթպոլի աւանդական մրցաշարքը, որ տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի ի յիշատակ Ռուբէն Սէմէրճեանի, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ մեր մարզասէր շրջանակներէն ներս։ Մրցաշարքի ախոյեանը հանդիսացաւ Պէզճեան սանուց միութիւնը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Լեւոն-Վարդուհեան սանուց միութեան խումբին առջեւ։ Մրցաշարքի աւարտական խաղը վերածուեցաւ պասքեթպոլի խրախճանքի մը՝ մանաւանդ, որ վեթերաններու խաղն ալ արժանացաւ բոլորի անմիջական ուշադրութեան։

Աւարտական խաղին յաջորդած պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ դափնեկիրները ստացան իրենց բաժակները, մինչ միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019