ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, այս տարի միայն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու սիրոյ սեղան տեղի չունեցաւ։ Եսայի Տեմիրի գլխաւորած Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ներկայ եղան նաեւ Տ. Տ. Անդրէաս Ա., Զաքար եւ Շիրվան քահանայ հայրերը։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ բարեշնորհ սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ դպիրները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Սեւան Ակօշեանի առաջնորդութեամբ Սահակեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ։ Արարողութեան աւարտին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարները, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ Շահան Արք. Սվաճեան։ Պատրիարք Հայրը գնահատելով նաեւ եկեղեցւոյ դպիրներէն Պուրակ դպիր Կէօչէրը ուրարակրութեան արտօնութիւն շնորհեց իրեն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020