ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԲԵՐԱՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱԽԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը։ Պատգամաւորը այս կապակցութեամբ հարցադրում մը ներկայացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։ Ան յիշեցուց, որ 19 յունուար 2013 թուականին ջնջուած էր այն կանոնադրութիւնը, որով կը կարգաւորուէին փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութիւնները։ Նոր կանոնադրութիւնը եօթ տարիէ ի վեր չէ հրապարակուած, հակառակ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու սպասումներուն։ Իսկ Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ տարի մը առաջ խորհրդարանէն ներս յայտնած էր, որ այս խնդիրը արդէն լուծուած է։ Նախարարի այդ յայտարարութիւնով հանդերձ, անցեալ ժամանակաշրջանին ալ հնարաւոր չէ եղած փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան խնդիրը կարգաւորել։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Կարօ Փայլան Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին հասցէագրած է չորս հիմնական հարցում, ըստ հետեւեալի.

Առաջին՝ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութիւնները ինչո՞ւ տեղի չեն ունենար՝ հակառակ տարի մը առաջ այս խնդրի լուծուած ըլլալուն վերաբերեալ նախարարին կողմէ կատարուած յայտարարութեան։ Երկրորդ՝ ի՞նչ պատճառաբանութեամբ եօթ տարիէ ի վեր չի հրապարակուիր այն կանոնադրութիւնը, որով կը կարգաւորուին փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնները։ Երրորդ՝ ե՞րբ պիտի հրապարակուի կանոնադրութիւնը։ Չորրորդ՝ նկատի կ՚առնուի՞, որ ընտրութիւններու տեղի չունենալուն հետեւանքով փոքրամասնութիւններու վաքըֆները չեն կառավարուիր արդիւնաւէտ ձեւով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020