ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները, որոնք շնորհաւորութիւններ յղեցին Նոր տարւոյ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Երիտասարդաց յանձնախումբը այս շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ նախատեսած է խրախճանք մը, որու կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան նորին սրբազնութեան։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման համար Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ Պոլիսէն ուղարկուելիք շնորհաւորականը։ Նորին սրբազնութեան հետ տեսակցելէ վերջ երիտասարդները Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի հետ կազմակերպեցին այդ շնորհաւորականի փոխանցումը։

Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ հերթական անգամ ստացան նորին սրբազնութեան օրհնութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018