ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Տղաքը փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը։ Առաջին հերթին հանդէս եկան մանկապարտէզի փոքրիկները։ Կաղանդ պապուկն ալ նուէրներ բաժնեց անոնց։ Մանկապարտիզպանուհի Նելլի Պասմաճեանն ալ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ տօնական շրջանի բարեմաղթութիւններով։

Օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ աւելի բարձր դասարաններու հանդէսով։ Այս փուլին ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, Ունճեան գերդաստանի շառաւիղներէն Սաթի Մանկասար եւ այլ հիւրեր։ Դպրոցի ուսուցչական կազմի բոլոր անդամները պատասխանատուութիւն ստանձնած էին յայտագրի պատրաստման տեւողութեան։

Խրախճանքի աւարտին տղաքը նկարահանուեցան Կաղանդ պապուկին հետ, որ նուէրներ բերած էր բոլորին։   

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2019