«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ»Ի ԵՒ «ՄԵՐ ՏԱՆԻՔ»Ի ՀԱՄԱՏԵՂ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ համախմբուեցան «Աւանդական» եւ «Մեր տանիք» խումբերը, որոնք վերջին շրջանին պոլսահայ ընկերային կեանքէն ներս նկատելի աշխատանք կը տանին։ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի եւ յիշեալ երկու խումբերու մղիչ ուժերէն Եասմին Ռոսթոմեանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած հաճելի ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Բոլորի ուրախութիւնը բազմապատկուած էր՝ մանաւանդ, որ «Աւանդական» պարախումբի հիմնադիր ու գլխաւոր պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչն ալ ներկաներու շարքին էր։ Արդարեւ, շուրջ տարիէ մը ի վեր ան արհեստավարժ զբաղմունքին համար հաստատուած է Հայաստան։ Իր մասնակցութիւնը առիթ ստեղծեց, որ ամանորեայ այս հաւաքոյթի մասնակիցները պար բռնեն իրարու հետ։ Հիւրասիրութեան եւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ բոլորը ունեցան հաճելի ժամանց եւ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ։

Հաւաքոյթի մասնակիցները հրաժեշտ առնելէ առաջ ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեցին Եասմին Ռոսթոմեանին եւ Սեւան Աթաօղլուին, որոնց ջանքերով կարելի դարձած էր այս համախմբումը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021