ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿ

Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ նախընթաց օր Գալֆաեան Տան սաներուն համար ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ։ Օրուան ծրագիրը պատրաստուած էր դպրոցի ուսուցչուհիներէն Թարա Տեմիրճիօղլուի կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ հանդիսավարի պաշտօնը կատարեց յայտագրի գործադրութեան ընթացքին։

Հանդիսութեան սկիզբին աշակերտներուն բացատրութիւններ տրուեցան մեր աշխարհագրութենէ ներս թատերական արուեստի պատմութեան շուրջ եւ այդ ամբողջին մէջ կարեւոր բաժին յատկացուեցաւ թրքական թատրոնին հայ արուեստագէտներու կողմէ բերուած մեծ նպաստին վրայ։ Աւելի վերջ տղաքը հայերէնով եւ թրքերէնով ներկայացուցին զանազան թատերակներ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Հանդէսի իւրաքանչիւր փուլը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, որովհետեւ բոլոր թատերակները աշակերտներու հետաքրքրութիւնը գրաւեցին եւ անոնք ջերմօրէն ողջունեցին իրենց դասընկերներուն կողմէ բեմին վրայ արձանագրուած յաջողութիւնը։

Հանդէսի աւարտին բոլոր ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին օրուան ծրագրի մասնակից աշակերտները, որոնց յղեցին իրենց շնորհաւորութիւնն ու գնահատանքը։ Բոլորը շնորհաւորեցին նաեւ հանդէսի կազմակերպիչները։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019