ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Հոգելոյս Պատրիարք Հայրը մեր համայնքի անդամներուն կողմէ վերյիշուեցաւ բիւր յարգանքով։ Բոլորը հերթական անգամ որդիական ակնածանքով իրենց խոնարհումը բերին անոր վառ յիշատակին առջեւ եւ քառասունքը, միեւնոյն ժամանակ, առիթ հանդիսացաւ վերյիշելու համար անոր երախտաշատ ծառայութիւնները։

Շաբաթ առաւօտ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի քառասունքին առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին ժամանակ հանդիսադիր նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Աթոռի վեղարաւոր հայրերը եւ քահանայից դասէն անդամներ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայ հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Խորանին վրայ զետեղուած էին երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի մեծադիր լուսանկարն ու պատրիարքական հանդերձանքի տարազները՝ գահու մը վրայ։ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան եւ ընտանիքի անդամները եւս մասնակցութիւն բերին արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Ի ժամ Ս. Պատարագի Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ քարոզ մը։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ արտայայտուեցաւ թէ՛ հայերէնով եւ թէ թրքերէնով։ Հայերէն քարոզը այսօր կը հրատարակենք մեր Գ. էջին վրայ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թրքերէն քարոզին մէջ մասնաւորապէս կանգ առաւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի կողմէ հոգելոյս Պատրիարք Հօր անհանգստութեան ծանր տարիներուն յանձն առնուած վիթխարի զոհողութիւններուն վրայ։

Ս. Պատարագի աւարտին, նոյնպէս հանդիսապետութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Մեսրոպ Պատրիարքի մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ անոր հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Հաւատացեալները Բարձրեալէն խնդրեցին երկնային լուսեղէն, անթառամ պսակներու արժանացնել իրենց բարեյիշատակ հոգեւոր պետի հոգին։

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցիէն վերջ, մեր հոգեւորականաց դասու անդամներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը յետմիջօրէի ժամերուն այս անգամ համախմբուեցան երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի շիրմին շուրջ, որ կը գտնուի Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Այստեղ եւս մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ։ Մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն եւ համայնքէ բազմաթիւ հաւատացեալներու առընթեր, հոգեհանգստեան պաշտօնին իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, որ հերթական անգամ արտայայտեց իր յարգանքը վախճանեալ Պատրիարք Հօր յիշատակին նկատմամբ։ Գերեզմանատան պատրիարքներու թաղամասէն ներս ամփոփուած երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրմին վրայ թարմ ծաղիկներու կոյտ մը կար եւ այդ բոլորը կարծես կը խորհրդանշէին իր յիշատակին թարմութիւնը եւ Պատրիարքական Աթոռի գաւազանագիրքին մէջ թողած վառ եւ անջնջելի հետքը։

Այսպէսով, Տ. Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման քառասունքի ոգեկոչումն ալ հասաւ իր աւարտին՝ ամենայն պատշաճութեամբ եւ աւանդական ձեւով։ Կը նախատեսուի, որ մինչեւ իր վախճանման առաջին տարելիցը պատրաստ ըլլայ նաեւ հոգելոյս Պատրիարք Հօր դամբարանը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019