ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած 9-րդ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան արժանացաւ։ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած մրցոյթը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Տղաքը ստեղծագործական աշխատանքով հանդէս եկան՝ երեք դասաւորման մէջ։ Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ լիսէի սաները դատակազմին ներկայացուցին իրենց աշխատանքին արդիւնքը։ Նախաձեռնարկ հիմնադրամին անունով Ռեհան Սարըպայ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։

Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է մայիսի 11-ին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024