ՊԱԼԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցան պալէի դասընթացքներ։ Պարուսոյց Կարին Կիւրտէն Մարտիկեանի հսկողութեան ներքեւ յառաջ տարուեցան աշխատանքները։ Այս բոլորէն վերջ, անցեալ եղանակի տեւողութեան տարուած աշխատանքին արդիւնքը ներկայացուեցաւ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ սարքուած ձեռնարկով մը։ Տատեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Թորոս Փեհլիվան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հանդիսատեսները, որոնց մեծամասնութիւնը կը կազմէին դասընթացքներու մասնակից աշակերտներու ծնողները։ Ձեռնարկի յայտագիրը փոքրիկներուն կողմէ գործադրուեցաւ մեծ յաջողութեամբ։ Անոնք արժանացան բուռն ծափողջոյններու։

Ներկայացման աւարտին, փոքրիկները ստացան վկայականներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019