ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԼԱՆ

Սահակեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թատերախումբի այս տարուան ներկայացումներու շարքի կալան։ Հանդիսաւոր երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերները, թաղի հովանաւորները, Սամաթիոյ  ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ թատերասէր հիւրեր։

Միութեան թատերախումբը այս տարի կը ներկայացնէ (Böylede yaşanmaz ki) անուն խաղը, որու հեղինակն է Նիքոլայ Էրտման։ Դերակատարներն են՝ Անի Քըշքելեքօղլու, Քրիս Գալուստ, Լուսին Ալուչ, Նաթալի Վուրալ, Մուրատ Սեփեթճի, Շնորհք Մեսրոպ Էրզրումլուօղլու, Առէն Տիւվենճի, Քեւըն Պաղ, Լորին Տեմիրճի, Նարեկ Աճեմի եւ Թալիա Պալճը։ Թեքնիկ պատասխանատուութիւնները ստանձնած էին Նարեկ Աճեմի, Աքըն Եըլմազ, Մեւլիւտ Իւնալ եւ Տանիէլ Եէլէկէն։ Բեմադրիչն է Վոլքան Սարըէօզ։

Թատերախումբը յաջողութեամբ ներկայացուց խաղը, որու աւարտին արժանացաւ ծափողջոյններու, մինչ բեմադրիչն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։

Կալայի աւարտին սարքուեցաւ բացօթեայ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկայ թատերասէրները ջերմօրէն շրջապատեցին թատերախումբի անդամները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019