ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկինն ու անդամներէն Օննիկ Խաչատուրեանը։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Յառաջիկայ Պայծառակերպութեան տօնին պիտի կատարուի նաեւ այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որուն համար թաղականները խնդրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութիւնը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ Նորին Ամենապատուութիւնը թարմ տեղեկութիւններ քաղէ թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ անոնց իր օրհնութիւնը՝ մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022