ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի վերաբացումը այս տարի արտասովոր նշանակութիւն ստածաց է թրքահայ կեանքէն ներս։ Կայանի վերաբացումը թէեւ ընթացիկ երեւոյթ է, սակայն, համավարակի շրջանին երկու տարի անոր գործունէութեան ակամայ ընդհատումը արդէն նոր իմաստ մը վերագրած է այս տարուան վերաբացման։

Մեր համայնքը նոր սերունդին ուղղեալ ամէն աշխատանք կը համարէ ապագայի համար ներդրում։ Այս շրջանակին մէջ արտասովոր նշանակութիւն ունի Կազդուրման կայանի առաքելութիւնը։ Այժմ կառոյցին առջեւ արդէն կան նոր հորիզոններ՝ ներկայ նոր սկիզբով։ Կայանի խնամատար մարմինն ալ, որ կը գործէ Արի Չոլաքի գլխաւորութեամբ, բազմակողմանի աշխատանք յառաջ կը տանի բարձր նշաձողով եւ յստակ առանցքներու շուրջ։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խնբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուն, որուն կ՚ընկերանային խնամատար մարմինէն՝ Նորա Քումրալ, Միրնա Չոլաք, Առնօ Պենկլեան, Ռաֆֆի Քալք եւ Այգուն Պուտաք։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք բազմակողմանի տեղեկութիւններ տուին Կազդուրման կայանի այժմու կացութեան շուրջ։ Ներկայիս արդէն կայանը 125 աշակերտով հասած է առաւելագոյն մակարդակին։ Այլ սաներ արդէն հերթագրուած են ամրան տեւողութեան արձակուրդի հնարաւորութիւն ունենալու համար։ Ծրագիրներն ու բոլոր գործունէութիւնները յառաջ կը տարուին ամբողջական ծաւալով՝ ներառեալ մարզական շարժումները։ Այս օրերուն արդէն կը սկսին կանոնաւոր աշխատանոցները, որոնց ծիրէն ներս հայերէնի խօսելավարժութեան նկատմամբ մասնաւոր ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի։ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինն ու տնօրէնութիւնը ձեռք ձեռքի տուած են՝ տղոց հանգիստը լաւագոյնս կազմակերպելու համար։

Խնամատար մարմինը, ըստ էութեան, բաղկացած է երիտասարդ տարրերէ. երիտասարդներ, որոնք մեծաւ մասամբ ունին բարձրագոյն ուսում։ Ուստի, անոնք միայն վարչական գործերով չեն զբաղիր, նաեւ աշխատանոցներու ծրագիրներուն համար կայանի սաներուն հետ կը մէկտեղուին։ Համադրուած այս աշխատանքը առիթ կը դառնայ, որ խնամատար մարմնի անդամներն ալ, մանկավարժական անձնակազմին նման երկար ժամանակ անցընեն տղոց հետ։ Առաջին քայլափոխին արդէն այնպիսի հիմքեր դրուած են, որ գրեթէ երաշխաւորուած է յաջողութիւնը։

Յառաջիկայ յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Կազդուրման կայանի տարեկան աւանդական հանգանակութեան սիրոյ սեղանը։ Մինչ այդ, օգոստոսի 5-ին ալ հերթական անգամ կեանքի պիտի կոչուի միջվարժարանային բառխաղի նախագիծը։

Կը շնորհաւորենք Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք յառաջիկայ ամրան աշխատանքին համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022