ՄՈՒՐԱՏ ԷՕԶՉԵԼԻՔ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի։

Հիւրերը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած էին Պատրիարք Հօր եւ զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, թէ թաղային խորհուրդի երբեմնի ատենապետ Յարութիւն Շանլըի վախճանումէն յետոյ, նոր ատենապետութեան պաշտօնին կոչուած է Մուրատ Էօզչելիք։ Հիւրերը նաեւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ յատկապէս եկեղեցւոյ կալուածներէն միոյն մասին եղած դրական զարգացումը աւետեցին մեր Հոգեւոր Պետին։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ երախտիքով յիշատակեց հոգելոյս ատենապետը եւ իր առաջնորդութեամբ կատարուած գործունէութիւնը։ Այս առիթով մաղթեց, որ թաղային խորհուրդը իր գործունէութիւնը շարունակէ նորընտիր ատենապետի առաջնորդութեամբ եւ շարունակէ յաջողութիւններ ձեռք բերել։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2020