ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՁԵՌԱՄԲ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան իր հետն ունենալով գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, անցեալ շաբաթավերջին, ներկայ գտնուեցաւ Համազգային անկելանոցի (Տարիւլաճեզէ) մէջ կատարուած հանդիսութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր «Մեծ Տարիւլաճեզէ ընկերային ծառայութեան քաղաք» խորագրեալ ծանօթացման եւ «Տարիւլաճեզէ կացարան եւ մշակութային հիմնարկ»ի կողմէ։ Էրտողանի կողքին հանդիսութեան ներկայ էին Ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութեանց նախարար Տէրիա Եանըք, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա, Համազգային անկելանոցի նախագահ Համզա Ճեպեճի։

Նորին Ամենապատուութիւնը այլ պաշտօնական անձանց կարգին հրաւիրուեցաւ բացման ժապաւէնի հատման հանդիսութեան եւ իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց նախագահ Էրտողանին եւ պաշտօնական անձերուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021