ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը յարատեւ աշխատանք կը տանի՝ պոլսահայ կրթական մշակներու մասնագիտական կատարելագործման նպաստելու նպատակով։ 2021-2022 կրթական շրջանին ուսուցիչներու վերապատրաստութեան նոր ծրագիր մը սկսած է եւ առաջին արդիւնքները կու գան վկայել, թէ յաջող ընթացք ունի այդ մէկը։ Ծրագիրը վարելու պատասխանատուութիւնը վստահուած է արժէքաւոր ուսուցչուհի Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայի։

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խըմ-բագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանն ու Նաթալի Պաղտատը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեր նկատառման յանձնեցին իրենց խորհրդածութիւնները՝ պոլսահայ կրթական համակարգի այժմու վիճակին՝ մանաւանդ կարիքներուն շուրջ։ Մեր վարժարաններէն ներս կը պաշտօնավարեն ուսուցիչներ, որոնք ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ոչ-հայկական դպրոցներու մէջ ուսանած են։ Անոնք համալսարանը աւարտելէ վերջ պաշտօնի կը կոչուին՝ որպէս մանկապարտիզպան(ուհի), դասարանի կամ այլ առարկաներու ուսուցիչ։ Ակադեմական կամ մանկավարժական տարրական մասնագիտական ուսման առընթեր, կրթական մշակներու պարագային անհրաժեշտ է մշակութային զարգացումի ապահովուիլը։ Ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս այս հանգամանքը ուշադրութեան առարկայ դարձնելով որոշած է նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ։

Նաթալի Պաղտատ եւ Մարիամ Տրամէրեան այցելութեան ընթացքին յայտնեցին, որ վերամուտէն ի վեր արդէն գործադրութեան դրուած է համապատասխան ծրագիրը։ Ութ շաբաթէ ի վեր մեր կրթական մշակները կը մասնակցին Ուսուցչաց հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած աշխատանոցներուն։ Նախագիծը յառաջ կը տարուի՝ ըստ կրթական մշակներու դասաւանդման մակարդակին եւ մասնագիտութեան։ Հինգ աշխատանոցներու ծրագրին ընդհանուր առմամբ 63 կրթական մշակ ներգրաւուած է։ Իւրաքանչիւր խումբ շաբաթը անգամ մը կը հանդիպի։ Ըստ էութեան, առցանց դրութեամբ յառաջ կը տարուի այս գործունէութիւնը՝ հասկնալիօրէն համաճարակով պայմանաւորուած։

Լեզուական դասերու առընթեր, աշխատանոցներու ժամանակ ուշադրութիւն կ՚ընծայւի մշակութային, գեղարուեստական նիւթերու նկատմամբ։ Ուսուցչաց հիմնարկը կը նախատեսէ տարեվերջին հաստատագրեր տալ այն կրթական մշակներուն, որոնք ներգրաւուած են այս աշխատանքներուն։

Համավարակի ընթացքի ներած չափով՝ աշխատանոցներու մասնակից կրթական մշակներու մասնակցութեամբ պարբերաբար դէմ առ դէմ հանդիպումներ ալ կը նախատեսուին։ Այս շրջանակին մէջ առաջին անգամ անցեալ շաբաթ խումբ մը ուսուցիչներ թատերական ներկայացում մը դիտեցին։

Ուսուցչաց հիմնարկը կը ձգտի չսահմանափակուիլ միայն աշխատանոցներուն ներգրաւուած մեր կրթական մշակներով, այլեւ յառաջիկայ շրջանին պիտի թիրախաւորէ կրթական մշակներու աւելի մեծաթիւ խումբեր, որոնց հետ մասնագիտական զանազան նիւթերու շուրջ աշխատանք պիտի ծաւալուի։

Նոյն ամբողջին մէջ անցեալ շաբաթավերջին այլ յատկանշական հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի հեղինակաւոր մասնագէտներէն Անի Կարմիրեանի հետ։ Արեւմտահայերէնի տարածման ու վերականգնման ուղղեալ ծրագիրներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Անի Կարմիրեան յիշեալ հիմնարկէն ներս։ Ան պոլսահայ կրթական մշակներուն ծանօթացուցած է՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ջանքերով վերջերս հաստատուած «Զնտուկ» կայքէջը։ Անի Կարմիրեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած է երկու հաւաքոյթ՝ մին նախակրթականի, իսկ միւսը միջնակարգի ուսուցիչներուն համար։ Նորահաստատ կայքէջը ծանօթացնելու առընթեր, Անի Կարմիրեան պոլսահայ կրթական մշակներուն հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած է մանկավարժական արդի մօտեցումներուն շուրջ՝ անոնց նկատառման յանձնելով իր փորձառութիւններէն բխած խորհրդածութիւններ։   

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021