ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԱՆ ՈՒՍԹԱՊԱՇԸՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըն, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութեան։ Ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց տարեմուտի առթիւ եւ իր անձին մէջ բարեմաղթանքներ յղեց մեր համայնքին։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց Ճան Ուսթապաշըին։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023