ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵՒ ՔԸՐԸՔԽԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ Եուսուֆ Թապաշն ու Սապինա Թապաշը։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հիւրերը ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ նշեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ փութացած էին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն՝ յաջողութիւն մաղթելով իրենց գործունէութեանց համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023