ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդէն Ճէմ Չափարն ու Միսաք Հերկելը։ Ներկայ էր նաեւ Գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Հիւրերն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ նշեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն՝ յաջողութիւն մաղթելով իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023