ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ

Կը տեղեկանանք, որ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութիւնը դարձած է 70 տարեկան։ Այսպէս, 2020 թուականը կը զուգադիպի Արամեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելեանին։ Թէեւ միութեան վարչութիւնը նախատեսած էր անցեալ ամսուան մէջ սկիզբ տալ յոբելենական ձեռնարկներու շարքի մը, սակայն քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով ներկայիս յետաձգուած է այդ մեկնարկը։ Բոլորի մաղթանքն է, որ համաճարակը շուտով յաղթահարուի եւ յոբելենական ծրագիրը գործադրուի ըստ պատշաճի։

Գատըգիւղը իր մարդուժով եւ համայնքային հաստատութիւններով մեր պատմական այն թաղերէն է, ուր այժմ եւս համայնքային կեանքը ունի աշխոյժ ընթացք մը։ Այդ ամբողջին մէջ Արամեան սանուց միութիւնը կը հանդիսանայ այն կարեւոր գործօններէն մին, որ կը պայմանաւորէ թաղի հայկական կեանքի ընդհանուր կենսունակութիւնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020