ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԷՆ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒԵԼՔ՝ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ

Շիշլի գաւառակը եւ Տիարպաքըրի Չընար գաւառակը, որոնք դարձած են քոյր գաւառակներ, կեանքի կը կոչեն զանազան ընկերակրթական ծրագրեր։ Այս շարքին մէջ էր «Արեւմուտքէն դէպի արեւելք պարզուած եղբայրութեան ձեռքը» խորագրեալ նախագիծը։ Շնորհիւ այս նախագծին Տիարպաքըրի Չընար գաւառակի «Օվապաղ» նախակրթարանի մանկապարտէզը վերանորոգուեցաւ։ Մխիթարեան վարժարանն ալ մասնակցութիւն բերաւ այս աշխատանքին՝ տրամադրելով դասագիրքեր, ընթերցանութեան նիւթեր եւ զանազան գրենական պիտոյքներ։

Շիշլիի կրթական տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ՝ վերանորոգեալ նախակրթարանի բացման արարողութեան մասնակցելու համար Իսթանպուլէն Տիարպաքըր մեկնեցաւ խումբ մը։ Այս խումբին մաս կազմեցին նաեւ Մխիթարեանի լիսէի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններու տնօրէնները՝ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան եւ Քաթիա Վարկը։

Բացման արարողութեան մասնակցելու առընթեր տնօրէնուհիները ուխտի այցելութիւն մըն ալ տուին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ առանցքային նշանակութիւն ունի շրջանէ ներս հայոց երբեմնի ստուար ներկայութեան որպէս վկայութիւն։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017