ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին, երէկ առաւօտ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ՝ տօնական արարողութիւն տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ։ Նկատի ունենալով քորոնա համավարակը, արարողութիւնը դռնփակ կատարուեցաւ, սակայն ուղիղ սփռուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ դիմատետրի էջէն։ Ս. Պատարագը մատոյց Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններն ու քահանայ հայրերը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Աշխատեցէք երբ որ ցերեկ է, որովհետեւ գիշեր մը կու գայ, ո՛չ ոք կրնայ աշխատիլ» բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշատակեց Ս. Սահակ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի հսկայ գործունէութիւնը ու յայնտեց թէ, ժողովրդական եւ անհատական յիշատակութեանց մէջ միշտ յիշատակելի դարձած են դրական կամ ժխտական գործունէութիւնները եւ այդ բոլորին պատասխանատուները։ Հայ ժողովուրդի անցեալի նշանաւոր դէմքեր՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ միշտ կը յիշատակուին իրենց պատմութիւն կերտող գործունէութեամբ, որով Ս. Գիրքի հայերէնի թարգմանութիւնը կատարուեցաւ ու Աստուած խօսիլ սկսաւ հայերէնով։ Պատրիարք Հայրը այս առթիւ շեշտեց, թէ յիշեալ սուրբերու աշխատութիւնը հաւատքով զինուած գործ մըն էր եւ Աստուծոյ ողորմութեամբ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը նաեւ շեշտադրեց մայրենիի կարեւորութիւնը հայ իրականութենէ ներս եւ յուզումով ներկայացուց հայախօսութեան նօսրացումը, յատկապէս արտասահմանի մէջ։ Ըսաւ, թէ քաղաքականութեանց զարգացման հիմնական կէտերէն մին կը հանդիսանայ Ս. Գիրքի թարգմանութիւնը եւ հայեր այս մէկը կատարեցին 1600 տարիներ առաջ։ Ուրեմն ներկայ սերունդը պէտք է ուշադրութեամբ հետեւի այս անցեալին, որպէսզի ան չդառնայ իր լեզուն թաղող սերունդի մը։ Այս առթիւ, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նաեւ հայ գիրի եւ գրականութեան ծառայած բոլոր սպասաւորներու տօնը։

Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ, թէ այս տօնը նաեւ իր ձեռնադրութեան տարեդարձն է, յատկապէս յիշեց՝ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի տօնին վախճանած՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանը, իր հոգեւոր ծնողը՝ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանը, ինչպէս նաեւ՝ Շնորհք եւ Մեսրոպ Պատրիարքները։

Քարոզի աւարտին՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ՝ հոգւոցն Պատրիարքական Աթոռոյ երանաշնորհ հովուապետներուն։ Յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ, տեսուչներ, հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորներ։

Արարողութեանց աւարտին Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ՝ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ, ուր տօնական մթնոլորտի մէջ, ներկայ հոգեւորականներ շնորհաւորեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր անուանակոչութեան եւ ձեռնադրութեան տարեդարձները՝ կարկանդակով մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020