ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ իր հերթական ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի կողմէ համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան այս նիստին կապակցութեամբ։ Երէկուան ժողովին շուրջ 20 վայրկեան մասնակցութիւն բերաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձ կատարեց իր նախագահութեամբ օգոստոսի 22-ին Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած՝ Նախաձեռնարկ մարմնի եւ համայնքային աշխարհական վարիչներու համատեղ խորհրդակցութեան։ Ան ընդհանուր առմամբ արդիւնաւէտ ու դրական համարեց այդ խորհրդակցութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան պատրաստութիւնները ծրագրուած հունին մէջ կ՚ընթանան՝ առարկայ դառնալով թէ՛ մեր համայնքային կառոյցներու եւ թէ ժողովուրդի հետաքրքրութեան։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Անգարայի մէջ 30 օգոստոսի տօնական ընդունելութեան ժամանակ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ ունեցած զրոյցներուն շուրջ։ Հաշուի առնելով, որ պետութեան կողմէ ընտրական կանոնադրութեան ուղարկուիլը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ այս նիւթին։ Իր տպաւորութիւնն ու համոզումը այն է, թէ կանոնադրութիւնը փութով կրնայ հասնիլ։

Նորին սրբազնութեան մեկնելէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները շարունակեցին ընթացիկ քննարկումները։ Ընտրաշրջաններու կապակցութեամբ մեր համայնքային ու թաղային մարմիններէն պահանջուած տուեալներուն ընդհանուր կացութիւնը աչքէ անցուեցաւ նիստին ժամանակ։ Ժողովականները քննարկումներու լոյսին տակ համոզուեցան, թէ պակասները օրէ օր կը լրանան եւ անհրաժեշտ կարիքները փութով կը դիմագրաւուին համայնքային կամ թաղային մարմիններուն կողմէ։ Այս գործընթացին թափ տալու առաջադրութեամբ՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կատարեց ներքին դերաբաժանում մը։ Համայնքային մարմիններու կողմէ աւելի առաջ Նախաձեռնարկ մարմնին ներկայացուած համակարգող-երկխօսներուն հետ յառաջիկայ շրջանին կապ պիտի հաստատեն Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները՝ ընտրացուցակներու կատարելագործման նպատակով։

Մինչեւ Նախաձեռնարկ մարմնի յաջորդ ժողովը մէկ կողմէ այս համակարգող-երկխօս անուններու հետ շփումները պիտի աշխուժացուին, իսկ միւս կողմէ տեղական ընտրական մարմիններու կազմերու անդամներուն վերաբերեալ տուեալները պիտի ածանցուին Նախաձեռնարկ մարմնի շտեմարանին։ Նախաձեռնարկ մարմնի սպասումներով՝ տեղական ընտրական մարմիններու ձեւաւորումն ալ յաւելեալ խթան մը պիտի հանդիսանայ ընտրացուցակներու կատարելագործման աշխատանքին համար։

Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է յառաջիկայ մէկ շաբթուան ժամանակաշրջանին արդիւնաւէտ ու խտացեալ աշխատանք իրականացնել այս ուղղութիւններով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019