ՆԵԼԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏԻ ԿՈՉՈՒՄ ՆՈՒԱՃԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն Նելլի Եըլտըրըմեան մասնագիտացած է բերանի, ատամներու եւ կզակի վիրահատութեան ճիւղին մէջ։

Նելլի Եըլտըրըմեան, որ 1991 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն է։ Լիսէի տարիներուն յաճախած է Սկիւտարի Ամերիկեան քոլէճը, ուրկէ վկայուած է 2010 թուականին՝ ըլլալով իր շրջանի երրորդը։ Աւելի վերջ Մարմարայի համալսարանի Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէն մուտք գործած է, ուրկէ ալ 2015 թուականին վկայուած է յաջողութեամբ։ Նոյն տարին մասնագիտական ուսումը շարունակելու համար մուտք գործած է «Աքտենիզ» համալսարանի Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէն։ Այս տարի ան մասնագէտի կոչում նուաճած է բերանի, ատամներու եւ կզակի վիրահատութեան ճիւղին մէջ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Նելլի Եըլտըրըմեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2020